Avsnitt Razi J (Ռազմիկ Ճուլֆայեան) - Ինքնութիւն, Երաժշտութիւն, Սփիւռքահայ Երգարուեստ| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #64 Եկէք անկեղծ խօսինք Spela Dela
⛪️🎵Մանկութեան սէրը եկեղեցիին հանդէպ․ ինչպէ՞ս եկեղեցին դարձաւ իր «կեանքի դպրոցը»։ 🇱🇧🇦🇲Պուրճ Համուտը որպէս «փոքր Հայաստան»․ ինչպիսի՞ն էր հայկական միջավայրը, ուր ան մեծցած է։ 🎤 Արաբերէնէն հայերէն երգեցողութեան անցնիլը․ ո՞ր արուեստագէտի խօսքը փոխեց իր ամբողջ ընթացքը։ 🎙 Իսկական արուեստագէտի յատկանիշները․ ինչո՞ւ բաւարար չէ միայն մօր գովասանքը, եւ ի՞նչ պէտք է գիտնայ բեմին վրայ։ 💻 Համացանցի դաժանութիւնն ու սուտ լուրերը․ ինչպէ՞ս իր մահուան մասին տարածուած լուրը ցաւ պատճառեց մօրը։ ❤️ Իրար սիրելու եւ աջակցելու կարեւորութիւնը․ ինչո՞ւ հայերը պէտք է միասնական ըլլան, քանի որ թիւով քիչ են։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան «Եկէք անկեղծ խօսինք» փոթքասթին հիւրընկալած է երգիչ, մշակութային, համայնքային գործիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեանին (Razi J): Rss Apple Podcaster →